Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ստորագրած է որոշում, որով հաստատած է «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին» Շուշիի հռչակագիրը:
Որոշումը հրապարակուած է Resmi Gazete-ի Մարտ 22-ի համարին մէջ: Այսպիսով, Թուրքիոյ մէջ ուժի մէջ մտած է Շուշիի հռչակագիրը:
Համագործակցութեան մասին Շուշիի հռչակագիրը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն կողմէ 2021 թուականի Յունիս 15-ին ստորագրուած համագործակցութեան մասին պայմանագիր է:
Փաստաթուղթի ստորագրումէն յետոյ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ այն բարձրագոյն մակարդակի կը հասցնէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը: Հռչակագիրը կ'ենթադրէ փոխադարձ ռազմական օգնութիւն եւ սերտ համագործակցութիւն ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ: «Մեր ստորագրած դաշնակցային համաձայնագիրը ցոյց կու տայ մեր հետագայ համագործակցութեան ուղիները, հռչակագրին մէջ կը կարեւորուի փոխգործութիւնը միջազգային մակարդակով, ուժանիւթային անվտանգութեան, Հարաւային կազային միջանցքի, տնտեսութեան, առեւտուրի, մշակոյթի, մարմնամարզութեան բնագաւառներուն մէջ, բայց ես կ'ուզեմ առանձնացնել երկուքը` համագործակցութիւնը ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ եւ փոխադարձ ռազմական օգնութիւնը», ըսած է Ալիեւ: Ան «պատմական մեծ նուաճում» անուանած է հռչակագիրը: Ալիեւ խօսած է նաեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին, ըսելով, թէ «այդ հնարաւոր դարձած է ղարաբաղեան պատերազմէն յետոյ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակի արդիւնքով»: