Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահին հրաւէրով պիտի մեկնի Ատրպէյճան։
Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Էրտողանը Ատրպէյճան կատարելիք այցի ժամանակ պիտի մասնակցի Ֆիզուլիի մէջ 8 ամսուան ընթացքին կառուցուած օդակայանի բացման արարողութեան։