Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը վէճի բռնուած են դաշնային կառավարութեան թերութիւններու առիթով։
Մերքէլ Թուրքիա կը գտնուի աշխատանքային այցով։ Այս անոր հրաժեշտի այցն է որպէս այս երկրի վարչապետ:
«Մերքէլի հետ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններու յաջող շրջան մըն էր։ Բայց դաշնային կառավարութեան հետ աշխատիլը միշտ դժուար է։ Թուրքիոյ դաշնային կառավարման շրջանին բազմաթիւ խնդիրներ եղած են, բայց նախագահական համակարգի անցնելէն յետոյ մենք անկէ ազատած ենք եւ սկսած բուռնօրէն աշխատիլ», ըսած է Էրտողան Մերքէլի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին։
Իր հերթին, Մերքէլ նշած է, որ դաշնային կառավարութիւնը յարմար է Գերմանիոյ, եւ երկիրը «չի պատրաստուիր անցնելու նախագահական համակարգի»։
Առ ի պատասխան՝ Էրտողան ըսած է, որ իր հետ բանակցութիւններու ժամանակ Մերքէլ դժգոհած է դաշնային կառավարութեան հետ կապուած դժուարութիւններէն։
«Ճիշդ է, բայց կեանքը այդպիսին է», խոստովանած է Գերմանիոյ վարչապետը: