image

Էրտողան կը խօսի նախապայմաններու լեզուով

Էրտողան կը խօսի նախապայմաններու լեզուով

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար «ոչ մէկ խոչընդոտ պիտի ըլլայ» Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, եթէ ան «լուծէ իր խնդիրները Ատրպէյճանի հետ»։

«Տեւական խաղաղութիւն կառուցելու պայմանները այժմ աւելի բարենպաստ են, քան երբեւէ։ Այս հարցին մէջ Հայաստանին անհրաժեշտ է անկեղծ կամք դրսեւորել Ատրպէյճանի հետ խնդիրները լուծելու համար։ Եթէ ան այդ ընէ, ապա Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար որեւէ խոչընդոտ չ'ըլլար», ըսած է Էրտողան, որ այցով կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ։

Ան նշած է, որ ենթակառուցուածքային նախագիծերը, որոնք կ'իրականացուին Արցախի գրաւեալ տարածքներու մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ, «ճանապարհներն ու երկաթուղիները տնտեսական եւ առեւտրային շահաւէտ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար»։ «Ասկէ պիտի շահին Ատրպէյճանի բոլոր հարեւանները՝ ներառեալ Իրանը, Վրաստանը եւ Հայաստանը»: