image

Էրտողան հրաժարած է 10 դեսպանները արտաքսելու որոշումէն

Էրտողան հրաժարած է 10 դեսպանները արտաքսելու որոշումէն

Թուրքիոյ նախագահը ետ կանգնած է 10 արեւմտեան երկիրներու դեսպանները արտաքսելու որոշումէն: Այդ մասին Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է՝ ընդգծելով, որ դեսպանները հրաժարած են իրենց աւելի վաղ յայտնած դիրքորոշումէն եւ այսուհետեւ աւելի զգոյշ պիտի ըլլան իրենց յայտարարութիւններուն մէջ։

Գանատայի, Ֆրանսայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Նիւ Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ ԱՄՆ-ի դեսպանները Թուիթըրի մէջ յայտարարութիւն տարածած են՝ նշելով, որ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համագումարին համապատասխան՝ չեն պատրաստուիր խառնուելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն։

Նշենք, որ 23 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հրահանգած էր Արտաքին Գործոց նախարարութեան՝ արտաքսել 10 դեսպանները, այն բանէն ետք, երբ անոնք կոչ ըրած էին ազատ արձակելու թուրք իրաւապաշտպան, հասարակական գործիչ եւ գործարար Օսման Քավալան, որ կը մեղադրուի պետական յեղաշրջման փորձի համար։