Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան երկուշաբթի կայանալիք կառավարութեան նիստին քննարկած է Սուրիոյ ընդդիմութեան եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հաշտեցման նախաձեռնութիւնները: Այս մասին յայտնած է թրքական կառավարամէտ Sabah թերթը։
Պարբերականի տուեալներով՝ այդ նախաձեռնութիւններուն կ'աջակցի նաեւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան նախագահ Տէւլեթ Պահչելին, որ կը համարուի իշխող դաշինքին մէջ նախագահ Էրտողանի գործընկերը։
Բացի այդ, ըստ թրքական ԶԼՄ-ներու, Էրտողանն ու Ասատը 10 տարուան ընթացքին առաջին անգամ կրնան հանդիպիլ Ուզպեքստանի մէջ՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին, որ պիտի կայանայ 15-16 սեպտեմբերին, Սամարղանտի մէջ: