image

Էրտողան Ատրպէյճան պիտի այցելէ

Էրտողան Ատրպէյճան պիտի այցելէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան 13 յունիսին պիտի մեկնի Ատրպէյճան: Տեղեկութիւնը յայտնած է «Ինթըրֆաքս»ը՝ յղում ընելով թրքական լրատուամիջոցներուն։

Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ այդ այցի ընթացքին Էրտողանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդէս պիտի գան «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ» յայտարարութիւններով:

Նշենք, որ սա Էրտողանի առաջին արտասահմանեան այցն է Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէն ետք: