image

Երկու երկրաշարժ՝ Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղին մերձ

Երկու երկրաշարժ՝ Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղին մերձ

16 Օգոստոսին, տեղական ժամանակով ժամը 05:44-ինՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41.22⁰ եւ արեւելեան երկարութեան 43.94⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Վրաստան-Հայաստան սահմանային գօտի` Բաւրա գիւղէն 16 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4.5 ուժգնութեամբ  երկրաշարժ:

Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6 բալ:

Երկրաշարժը զգացուած է ՀՀ Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ՝ 4-5 բալ ուժգնութեամբ եւ Տաւուշի մարզին մէջ՝ 3-4 բալ ուժգնութեամբ:

Օգոստոսի 15-ին, տեղական ժամանակով ժամը 23:42-ին ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41.20⁰ եւ արեւելեան երկարութեան 43․95⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Վրաստան-Հայաստան սահմանային գօտի` Բաւրա գիւղէն 15 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3.3 ուժգնութեամբ  երկրաշարժ:

Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4-5 բալ:

Երկրաշարժը զգացուած է Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղին մէջ՝ 3-4 բալ ուժգնութեամբ, Ամասիա, Զոյգաղբիւր գիւղերուն մէջ՝ 3 բալ ուժգնութեամբ եւ Լոռիի մարզի Պաղաղբիւր, Մեծաւան գիւղերուն մէջ՝ 3 բալ ուժգնութեամբ: