Արեւն է մեր երկրագունդին կեանք տուողը, լոյս ու ջերմութիւն պարգեւողը, բոլոր երկրաւորները կենսաւորողը` օդին, ջուրին ու հողին հետ առընթեր:
2024 տարի առաջ, մեր երկիրը՝ արեւին շուրջ սովորական իր ընթացքին մէջ, Գերբնական Ուժին թելադրանքով բեղմնաւորուեցաւ երկնային սերմով, որ աստուածային լոյսով ողողուած, աշխարհի ամէնէն անարատ կոյսին՝ Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքի Մարիամի կողերուն մէջ հանգրուանեցաւ, որպէսզի իրականանայ Աստուածաշունչի գերագոյն մարգարէութիւնը, եւ տիեզերքի Արարիչին անարատ դուստրը երկինքո՛վ պտղաւորուի: Յովսէփին նշանածը՝ Մարիամ, թէեւ ապշած ու զարմացած Աստուծոյ որոշումէն եւ հրեշտակին բերնով իրեն փոխանցուածէն, չհակաճառեց, չհարցաքննեց Արարիչին տնօրինումը, այլ՝ ի վերուստ իրեն վստահուածն ու թելադրուածը ընդունեց հաւատքով, գործադրեց յօժարակամ: Իսկ երբ լեցուեցաւ յղութեան ժամանակը, ան՝ դիտող աչքերէ հեռու, Բեթլեհէմ քաղաքի մէկ անպաճոյճ, ամենախոնարհ, յոյժ աղքատիկ ախոռի մը գոգը ծնաւ մարդացեալ երկինքը՝ Արեւ-Քրիստոսը: Ալէ՜լուիա, Ալէ՜լուիա...
Դաշտին մէջ հովիւներ կային, որոնք ականջալուր դառնալով հրեշտակաց երգեցողութեան, շտապեցին դէպի ախոռ եւ` ո՜վ հրաշք. իրենք զիրենք գտան աստուածայայտնութեան գերագոյն արտայայտութեան դիմաց: Անոնք զմայլական հայեացքներ փռեցին չորս դին, Յովսէփի եւ Մարիամի հոգատար ձեռքերուն մէջ Յիսուս մանուկը գտնելով: Ո՜հ, ի՜նչ պերճանք, աստուածային սիրոյ ինչպիսի՜ պարգեւ աշխարհին ու մարդկութեան: Հովիւները երկիւղածութեամբ ծնրադրեցին Աստուծոյ գերագոյն յայտնութեան ընդառաջ՝ ըմբոշխնելով ոգեղէն այն աստուածադիր տեսարանը, ուր մայրական անասելի գորովով մը տիեզերքը գրկող Արարիչը կը գրկուէր անարատ կնոջմէ՝ Ս. Կոյս Մարիամէ: Իրաւամբ, Աստուածորդի Յիսուսի ծնունդը աշխարհի վրայ անօրինա՜կ հրաշք է, հրաշքներո՛ւն հրաշքն է, որով Աստուած իր միածին որդին ղրկելով աշխարհ, մեզ բոլորս կը փրկէ ադամական մեղքէ ու յաւիտենական կորուստէ:
***
Թանկագին եղբայր եւ քոյր,
Թէեւ կեանքիդ այս կամ այն հանգրուանին, այս կամ այն տարիքին կորսուած ըլլալու վախի ու սարսափի մէջ կը գտնուիս եւ կ՛ապրիս կորսուածութիւնը քու կեանքի մէկ տխուր պահուն, սակայն Ս. Ծննդեան տօնը կու գայ քեզի ըսելու, որ դուն սահմանուած չես այս կորստեան կեանքին մէջ մնալու, այլ՝ Քրիստոսի լուսաւոր ներկայութեան առջե՛ւ հրամմէ: Եթէ դուն կը կարծես, որ մարած մոլորակ մըն ես, կանչուած ես արեւանալո՛ւ, եւ այս հրահանգը, այս մտածումը, այս փիլիսոփայութիւնը վերացական ճշմարտութիւն մը չէ, այլ՝ թանձրացեալ եզակի օրինակ մը հաւատքի թարգմանութեան, որ կը մարմնաւորուի Ծննդեան տօնի խորհուրդին ընդմէջէն, հաւատացեալ ու գիտակից մարդոց կեանքէն ներս, անոնք ըլլան լոյսի ճամբայէն գացող, արդէն իսկ լուսաւոր էակներ, կամ կեանքի դժուարութիւններու եւ տեսակ-տեսակ դժբախտութեանց պատճառով, յուսահատութեանց կամ յուսախաբութեանց ի հետեւանք մոլորանքի ճամբայէն քալող սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ: Պատմութեան մէջ միթէ ո՞վ եղած է այն մարդը, որ կորստեան այդ ճամբուն հետ, գէթ ակնթարթ մը, դէմ յանդիման չէ գտնուած:
Սիրելի հարազատներ,
Երկինք-երկիր, արեւ-աստղեր ստեղծող Ամենակալ Աստուած Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով մշտավառ արեւ մը բռնկեցուց մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մեր հոգիները ո՛չ այս կեանքին, ո՛չ ալ հանդերձեալ կեանքին մէջ հանգին, այլ՝ ընդհակառակն, Յիսուս Քրիստոս անուն արեւին մէջ հրկիզուելով-հրկիզուելով այս կեանքի բոլոր յորձանուտներուն մէջ, մենք՝ իբրեւ հետնորդներ Քրիստոսի, իր պատկերին պէս արեւանանք ու մեր կարգին մէյ-մէկ արեւներ դառնալով՝ հուր եւ լոյս պարգեւենք մեր ընտանեքներուն ու շրջապատին եւ երկնային ջերմութեամբ լեցնենք մեր եւ մեր շուրջ եղող բոլոր-բոլորին կեանքը:
Արեւացած ապրումներով լի է մեր հոգին այսօր, որովհետեւ մենք աղօթական տօնախմբութեամբ երկրի վրայ կը գովերգենք երկնքի փառքը, մարդացեալ Յիսուս Քրիստոսի 2024-րդ տարեդարձին առիթով եւ յոյսի առատ նշոյլներով կը թարթենք մեր աչքերը դէպի ապագան ու գալիքը, դէպի աշխարհն ու մարդկութիւնը:
Հոգեւոր ծաղկունքի այս մեծ տօնին, որդիական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Վեհափառ Կաթողիկոսը՝ Հայ Առաքելական Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը:
Քրիստոնէական ամենաջերմ սիրով կ՛ողջունենք Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը, մեր բոլոր ծխական համայնքները, Հովիւներն ու Հոգաբարձութիւնները, մեր բոլոր վարժարանները, Խնամակալ մարմինն ու Ուսումնական մարմինները, ուսուցիչ-դաստիարակները, մամլոյ մշակները, ազգային գործիչները, մեր բարեկամներն ու բարերարները եւ մեր ազնիւ ժողովուրդը՝ ի սրտէ մաղթելով, որ 2024 տարեշրջանը հաւատքի պտղաւորման եւ Քրիստոսով արեւանալու անկիւնադարձային նոր դարաշրջան մը բանայ մեր ցիրուցան ազգի ու հայրենեաց որդիներուն առաջ, մի՛շտ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ երկնառաք կամարներուն տակ:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2024