26 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Երեւանի աւագանիի արտահերթ նիստը, որուն մասնակցած է աւագանիի 48 անդամ։
Նիստի օրակարգն էր Երեւանի փոխքաղաքապետեր ընտրելու հարցը:
Արմէն Փամբուխչեանը ընտրուած է Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալի պաշտօնին 32 կողմ, 5 ձեռնպահ ձայներով։
Քաղաքապետի տեղակալներ ընտրուած են նայեւ Լեւոն Յովհաննիսեանը 31 կողմ, 5 ձեռնպահ ձայներով, Սուրէն Գրիգորեանը 32 կողմ, 5 ձեռնպահ ձայներով եւ Սարգիս Մադաթեանը 32 կողմ, 5 ձեռնպահ ձայներով:
Նշենք որ քաղաքապետի տեղակալներէն 3-ը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն են, 1-ը «Հանրապետութիւն» կուսակցութենէն:
Նշենք նաեւ, որ «Ազգային առաջընթաց» խմբակցութեան ղեկավար Արամ Թորոսեանը «Հանրային ձայն» խմբակցութեան յորդորեց չմասնակցիլ քաղաքային իշխանութիւններու ձեւաւորման համար նախատեսուած քուէարկութիւններուն։
«Յորդորում եմ չգրանցուել փոխքաղաքապետերի ընտրութեան քուէարկութեան համար, քուորում չի ապահովուի, հետեւաբար, նիստը չի կայանայ եւ իշխանութիւնները չեն ձեւաւորուի»,- յայտարարած է Արամ Թորոսեանը։
Այս յայտարարութենէն ետք «Ազգային առաջընթաց» խմբակցութեան անդամները լքած են նիստերու դահլիճը։
«Հանրային ձայն» խմբակցութիւնն ալ յայտնած է, որ բոլոր թեկնածուներուն ձեռնպահ պիտի քուէարկէ, քանի որ ծանօթ չէ անոնց ու անոնց գործունէութեան։