Մոսկուան ներգրաւուած չէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնաժողովներու աշխատանքներուն, հակառակ պայմանաւորուածութեան։ Այս մասին ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Մենք առաջարկած ենք մեր ծառայութիւնները, աւելին, կողմերը համաձայնագիր ստորագրած են, որ սահմանազատման յանձնաժողով պիտի ստեղծեն, որուն ռուսական կողմը պիտի մասնակցի որպէս խորհրդատու, բայց մեզ այնտեղ չեն հրաւիրեր»,-ըսած է Լաւրով։
Ան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն հանգամանքի վրայ, որ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելը յայտարարած է, որ սահմանազատումով պիտի զբաղի Եւրոմիութիւնը, հակառակ որ ոչ Հայաստանը, ոչ ալ Ատրպէյճանը երբեք Եւրոպական Միութեան մաս չեն կազմած:
«Եւրոմիութիւնը որեւէ քարտէզ չունի, քարտէզներն ունի միայն Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, եւ այդ կողմերուն ձեռնտու է. ձեռնտու չէ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն»,-ըսած է Լաւրով:
Ըստ անոր՝ Արեւմուտքի եսասիրական շահերը կը խանգարեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բուն շահերու իրականացման: