image

Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդութեան գնդերեցներու օրհնութեան կարգ

Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդութեան գնդերեցներու օրհնութեան կարգ

Այս տարի արդէն 9-րդ անգամ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի նախաձեռնութեամբ քաջալերուած են 20 գնդերեցներ, որոնք իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը կը բերեն ՀՀ Զինուած ուժերու տարբեր զօրամասերու մէջ։

Յունուար 27-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ երիտասարդութեան ու սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարի, անոր Մարտիրոս որդիի եւ 14 զինուորներու տօնը։

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ տօնը հռչակուած է երիտասարդներու օրհնութեան օր։ Տօնի առթիւ Արարատեան Հայրապետական թեմին մէջ Գերաշնորհ Տէր Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի օրհնութեամբ կը կազմակերպուին տարբեր միջոցառումներ։