ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՍ) նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանատան հետ համագործակցութեամբ Երեւանի Քասքատ համալիրի մէջ նշուած է Եոկայի միջազգային օրը:
Միջոցառման ներկայ եղած են ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան եւ ՀՀ-ի մօտ Հնդկաստանի Հանրապետութեան դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհայի:
Արթուր Մարտիրոսեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ Եոկային նուիրուած միջոցառումները կ'արժեւորեն Հայաստան-Հնդկաստան միջմշակութային երկխօսութիւնը, անոր շարունակական ընթացքը, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը:
«Որպէս մշակութային հարուստ ժառանգութիւն եւ պատմութիւն ունեցող երկիր՝ ուրախ ենք աջակցել Հայաստանում այլ մշակոյթների հանրահռչակմանը:
Մեր օրերում Եոկան համաշխարհային ճանաչում եւ բազում հետեւորդներ ունի: Այն մարմնի եւ հոգու միասնութեան, շարժման ու պլաստիկայի (ձեւակերպում) միջոցով ամփոփում է համամարդկային կենսագործունէութեան եւ հոգեւոր-տիեզերական արժէքները։ Այդ առումով այն ընդլայնում է իր ազդեցութեան սահմանները՝ հնդիկ ժողովրդի հնագոյն ժառանգութիւնը վերածելով արդի ժամանակների կրթական եւ հոգեւոր գաղափարախօսութեան»,- ըսած է Արթուր Մարտիրոսեան եւ ընդգծած Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ նշանակալի համագործակցութիւնը։
Եոկայի միջազգային օրը հռչակուած է 21 յունիսը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի կողմէ 2014-ին։ Հայաստան այն 179 երկիրներու կարգին էր, որոնք կողմ քուէարկած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշման: 2015 թուականէն սկսեալ՝ ամբողջ աշխարհով կը նշուի Եոկայի միջազգային օրը, եւ կը կազմակերպուին անոր նուիրուած տարբեր միջոցառումներ: 2016-ին Հնդկաստանի «Եոկա» վերնագիրով յայտը գրանցուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ, որպէս հնդիկ ժողովուրդի հնագոյն փիլիսոփայութեան եւ հասարակութեան առողջ ապրելակերպի դրսեւորում: