image

Երեւանի մէջ յղի կնոջ մահուան պատճառ դարձած ենթասպան պիտի մնայ ազատութեան մէջ

Երեւանի մէջ յղի կնոջ  մահուան  պատճառ դարձած ենթասպան պիտի մնայ  ազատութեան մէջ

Դատարանը մերժած է Երեւանի մէջ 29-ամեայ Սոնա Մնացականեանի մահուան ելքով արկածի ենթարկած, ՀՀ վարչապետին ուղեկցող ճանապարհային ոստիկանութեան ենթասպայ Արամ Նաւասարդեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը:

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ Աջափնեակ եւ Դաւթաշէն վարչական շրջաններու դատարանի շէնքին մէջ դատաւոր Ռազմիկ Մարիկեան դռնփակ դատական նիստը կայացնելէ յետոյ անցած է խորհրդակցական սենեակ` որոշում կայացնելու, ապա վերադառնալով խորհրդակցական սենեակէն մերժած է կալանաւորման միջնորդութիւնը եւ քննիչին որոշումը թողած անփոփոխ:

Արամ Նաւասարդեանը ազատ արձակուած էր չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ: