image

Երեւանի մէջ. Պիտի ներկայացուի Վահան Զանոյեանի նորատիպը

Երեւանի մէջ. Պիտի ներկայացուի Վահան Զանոյեանի նորատիպը

Յառաջիկայ շաբաթ օր 19 փետրուարին   հանրութեան պիտի ներկայացուի  բնիկ Մուսալեռցի  (Ծնունդով  Այնճարէն)  մտաւորական, գրող  Վահան Զանոյեանի      խորագրեալ վէպը։

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  հեղինակէն։

Զանոյեան նաեւ այս  մասին կարճ մը   գիր մը  տարածած է իր  բարեկամներուն, ընկերներուն եւ առհասարակ մշակոյթով  հետաքրքրուած  հանրութեան համար։

Ան մասնաւորապէս կը գրէ ՝

 

Սիրելի բարեկամներ,

Հայաստանի ներկայ ճգնաժամը նկատի առած՝ կրնայ անպատեհ թուիլ գիրքի, գրականութեան եւ ընդհանրապէս գեղարուեստի մասին որեւէ միջոցառման մասնակցիլը։ Սակայն պէտք չէ թոյլ տանք որ երկրի իրավիճակը պատճառ դառնայ որ մեր գրականութիւնը եւ մշակոյթը անտեսենք։

Այս տրամաբանութեամբ, Ձեզի կը հրաւիրեմ վերջին վէպիս հայերէն թարգմանութեան ներկայացմանը, Շաբաթ օր, ամսուն 19-ին, Congress հիւրանոցին մէջ։ Յիշեմ որ վէպը՝ Waking Noah’s Vines, Հայաստանի գինիի արտադրութեան եւ մշակոյթի վերածնունդի վիպականացած պատմութիւնն է։ Արեւելահայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է «Անապակ Առեղծուած» խորագրով։ 

Փետրուար 19-ին ամբողջ օրը Գիրքի Փառատօն է, կազմակերպուած NewMag հրատարակչատան կողմէ։

«Անապակ Առեղծուած»-ի հետ կապուած՝ յայտագիրը հետեւեալն է։

Առաջին մաս՝ ժամը 17:00-ին, գիրքի ներկայացում։

Երեկրորդ մաս՝ ժամը 18:00-ին, կարգ մը Հայկական գինի արտադրողներու եւ վաճառողներու հետ զրույց։