Բնիկ հալէպահայ բժիշկ, պատերազմին հետեւանքով Երեւան հաստատուած ՝ Նժդեհ Շատոյեանի էջէն կը կարդանք՝
Մամ ջան յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ։
Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը մեր մօր,հանգուցեալ Տիկին Վիոլէթ Շատոյեան-Քիւրքճեան, որ իր մահկանացուն կնքեց Երեքշաբթի 27 Դեկտեմբեր 2022-ին Երեւանի մէջ։
Հանգուցեալի հոգեհանգիստեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի 28 Դեկտեմբեր 2022-ին ժամը 17:30-19:30ին Մալաթիայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ իսկ թաղման արարողութիւնը Հինգշաբթի 29 Դեկտեմբեր 2022-ին ժամը 12:00 Մալաթիայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Երեւան-Հայաստան։