image

Երեւանի մէջ. Ցրտահարութեան հետեւանքով 48-ամեայ տղամարդ մը մահացած է

Երեւանի մէջ.  Ցրտահարութեան հետեւանքով 48-ամեայ տղամարդ մը մահացած է

22 Յունուարին, ողբերգական դէպք մը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 12։40-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժինը ահազանգ ստացած է, որ Աթոյեան անցուղի 12/3 շէնքի դիմաց գտնուող տարածքը տեղադրուած վակոն-տնակին մէջ տղամարդու մը դիակը կայ։ Այս մասին յայտնած է shamshyan.com:

Ըստ դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան՝ դիակին վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։ Տղամարդը ցրտահարուած է։

Էրեբունիի ոստիկաններն ու պարեկները, ձեռնարկելով անհրաժեշտ միջոցառումներ, պարզած են, որ մահացածը մշտական բնակութեան վայր չունեցող, 48-ամեայ Տիգրան Այվազեանն էր։

Հետաքննիչի որոշմամբ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։