Նոյեմբեր 8-ին Երեւանի մէջ ողբերգական վթարէն մահացած «ՎԱԶ 2101»-ի վարորդը «Հարսնաքար» ռեստորանային համալիրին մէջ դաժան ծեծի հետեւանքով 2012-ին մահացած ռազմական բժիշկ Վահէ Աւետեանի հայրն է՝ Գառնիկ Աւետեանը:
ArmLur.am-ին հասած լուրերու համաձայն՝ անոր մեքենային հարուածած Nissan Rogue-ի վարորդն եղած է կին, որ, ըստ լուրերու, զրկուած եղած է վարորդական իրաւունքի վկայականէն:
shamshyan.com-ը գրած է, որ նոյեմբերի8-ին խոշոր ու ողբերգական վթար տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, Կարապետ Ուլնեցի-Պարոյր Սեւակ փողոցներու խաչմերուկին վրայ, կան տուժածներ:
Վթարի հետեւանքով 3 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են՝ 1 հոգի Միքայէլեան վիրաբուժութեան ինստիտուտ, 2 հոգի՝ Քանաքեռ-Զէյթուն բժշկական կեդրոն:
Պարզուած է, որ բախուած են Nissan Rogue եւ «ՎԱԶ 2101» մակնիշի մեքենաները, որմէ ետք Nissan-ը բախուած է ճանապարհի թոյլատրելի հատուածին մէջ կայանած Volkswagen Passat-ին, վերջինն ալ, առաջ ընթանալով, բախուած է ճանապարհի թոյլատրելի հատուածին մէջ կայանած Nissan X-Trail-ին:
հիւանդանոցէն ոստիկանութեան ահազանգ ստացուած է, որ վիրաւորներէն մէկը, գիտակցութեան չգալով, մահացած է:
Մահացածը «ՎԱԶ 2101»-ի վարորդը եղած է, որ Հարսնաքար» ռեստորանային համալիրի մէջ դաժան ծեծի հետեւանքով 2012-ին մահացած ռազմական բժիշկ Վահէ Աւետեանի հայրն է՝ Գառնիկ Աւետեանը: Նշենք որ Վահէ Աւետեանի մայրն ալ մահացած է անցած տարի: