image

Երեւանի մէջ աղբի հարցը կը մնայ անլոյծ (Լուսանկարներ)

Երեւանի մէջ աղբի հարցը կը մնայ անլոյծ (Լուսանկարներ)

Կ'ուզէինք լաւ, եղաւ ինչպէս միշտ: Վիքթոր Չեռնոմիրտինի այս յայտնի մէջբերումը լաւ կը նկարագրէ Երեւանի մէջ աղբահաւաքութեան ոլորտի մէջ նորարարութիւնները: Կը գրէ «News.am»ը:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ՝ քաղաքային իշխանութիւնները եզրակացութեան եկած են, որ բազմաբնակարան շէնքերուն մէջ տեղադրուած աղբատարները չարիք են, առնետներու բուծարան են, եւ այդ պատճառով պէտք է պակսեցնել: Միւս կողմէ, բնակիչներուն յարմար չէ աղբը նետելու համար բնակարանէն հեռու երթալ, մէկ կողմէն ալ՝ իսկապէս շատ տուներու մէջ այդ կը նպաստէ առնետներու աճին: Յատկապէս աճին, այլ ոչ թէ առկայութեան, քանի որ ե՛ւ առնետները, ե՛ւ խաւարասէրները կ'ապրին ամենեւին ոչ բացառապէս աղբատարներով տուներու մէջ: Յաճախ՝ բակերուն մէջ եւ անոնց յարակից տարածքներուն մէջ:

Բարի նպատակ հետապնդելով՝  քաղաքային իշխանութիւնը որոշած է պակսեցնել աղբատարները՝ յոյս ունենալով, որ այդ ինքնաբերաբար կը յանգեցնէ առնետներու եւ խաւարասէրներու ոչնչացման:

Սակայն մէկ խնդրի լուծումը ըստ էութեան յանգեցուց մէկ այլ խնդրի յայտնուելուն: Ատոր վառ օրինակ է Րաֆֆիի փողոցի 43 հասցէին վրայ ստեղծուած իրավիճակը: Աղբի «լեռներ» առաջացած են երեք մուտքանի շէնքի մօտ, քանի որ երեք մուտքերու համար մէկ աղբի տակառ տեղադրուած է: Առանց տակառի երկու մուտքերու առջեւ աղբը կուտակուած է՝ հակառակ դռան վրայ փակցուած գրաւոր խնդրանքին՝ աղբը նետել հարեւան մուտքի տակառին մէջ: Ի հարկէ, խնդրանքը դժուար է կատարել, որորվհետեւ միակ տակառի մօտ մուտքը կը խոչընդոտէ կայանած մեքենան: Այսպէս աւելի մաքո՞ւր դարձած է բակը: Լուսանկարները կը խօսին: