image

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բաց երկխօսութիւնը կարեւոր է առաջընթացի համար. ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բաց երկխօսութիւնը կարեւոր է առաջընթացի համար. ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է «Ամերիկայի Ձայն»ի հարցման, իսկ վարչապետ Փաշինեանը տեղեկացուցած է 12 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասին։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը կարեւորէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բաց երկխօսութիւնն՝ առաջընթաց գրանցելու համար՝ ի պատասխան «Ամերիկայի Ձայնի» հայկական ծառայութեան հարցման՝ արձագանգած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնեան, որ, սակայն, չի ուզած հրապարակել իր անունը։

«Ոգեւորուած ենք շարունակական ներգրաւուածութեամբ եւ առաջընթացով, որ առկայ է խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ կողմերիւ միջեւ բանակցութիւններուն մէջ, այդ շարքին 1 յունիսին Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած առաջնորդներու հանդիպումը։ Բաց երկխօսութիւնը կարեւոր է առաջընթացի համար՝ ներառեալ հեռանկարներու լիարժէք ըմբռնումը: Պիտի շարունակենք խրախուսել երկխօսութիւնը եւ աջակցիլ կողմերուն, երբ անոնք կ'աշխատին երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար»,- ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեայի պատասխանին մէջ: