image

Երեւանէն ետք. Ալի Շամխանի Պաքու պիտի մեկնի

Երեւանէն ետք. Ալի Շամխանի Պաքու պիտի մեկնի

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի (ԱԱԲԽ) քարտուղար Ալի Շամխանին 15 յուլիսին պիտի այցելէ Պաքու, կը հաղորդէ Mehr-ը։

Շամխանին Պաքու պիտի այցելէ իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ հրաւէրով։ Ան պիտի հանդիպի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ իրանա-ատրպէյճանական կապերը եւ տարածաշրջանային ու միջազգային վերջին իրադարձութիւնները քննարկելու համար։

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ Շամխանին այցելած էր Երեւան։