Իւրայատուկ քայլով մը Երեւան հաստատուած քեսապահայ մեր հայրենակիցները ընկերային հանդիպում մը կատարելով արցախցիներու ի նպաստ նուիրատւութիւն կատարած են։
Այս մասին կը կարդանք Երեւանի Քեսապի Հայրենակցական Միաւորումի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ի նպաստ Արցախի մեր հայրենակիցներուն, Երեւանի Քեսապի Հայրենակցական Միաւորումի նախաձեռնութեամբ՝ 29 Հոկտեմբեր 2023-ին, Մխիթարեան Կենտրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՊԼՈԹ-ի մրցաշարք: Առաջին դիրքը գրաւեցին Միշօ Գազազեանն ու Համբիկ Տէր Դաւիթեանը, երկրորդ դիրքը՝ Նշան Զահթերեանն ու Փառէն Յովսէփեանը, իսկ երրորդ դիրքը՝ Զենոբ եւ Խաժակ Կարճիկեանները:
Թղթախաղի կողքին ձեռնարկին բուն նպատակն էր նիւթական հասոյթ ապահովել և բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան կարիքներուն օժանդակել:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ նիւթապէ՛ս թէ բարոյապէ՛ս մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան:
«Քեսապի Հայրենակցական Միաւորում»-ի անունով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաև Հայր Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանին, որ Կենտրոնի սրահը տրամադրելու կողքին միաբանութեան հրատարակութիւններէն գոյացած գումարը եւս յատկացուց նոյն նպատակին: