image

«Էրեբունի-Երեւան» տօնը ջնջուեցաւ

«Էրեբունի-Երեւան» տօնը ջնջուեցաւ
Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի որոշմամբ, Հոկտեմբերին նախատեսուած «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները պիտի չկայանան։ Այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի մամուլի խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը:
 
Երեւան քաղաքի 2021թ. պիւտճէով «Էրեբունի-Երեւան»-ի համար նախատեսուած ֆինանսական միջոցները պիտի ուղղուին «100 տուն Արցախում» ծրագրի աջակցման, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի մշակութային հաստատութիւններու զարգացման ծրագրերուն։
 
Մասնաւորապէս, միջոցներ պիտի յատկացուին «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի եւ 90-ամեայ յոբելեանը նշող Երեւանի պատմութեան թանգարանի արդիականացման ծրագրերուն:
 
«100 տուն Արցախում» նախագիծը Հանրային հեռուստաընկերութեան եւ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի համատեղ ծրագիրն է։ Նպատակն է բնակարանով ապահովել պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած եւ տունը կորսնցուցած արցախցիներուն: Բնակարանները պիտի կառուցուին Ստեփանակերտէն 16 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ասկերանի Տահրաւ գիւղի հարեւանութեամբ: Շինարարական աշխատանքները Յունիսէն արդէն մեկնարկած են։