7 Օգոստոսին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Ժամը 16:00-ի սահմաններուն, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 911 Ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ եղած է, որ Գեղարքունիքի մարզի Ծովակ գիւղի վարչական շրջանին մէջ՝ Սեւանայ լիճին մէջ լողալու ժամանակ, ջրահեղձ է եղած քաղաքացի մը:
Ինչպէս կը յայտնէ ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, որ ԱԻՆ ջրափրկարարական ջոկատի եւ ոստիկանութեան ժամանումէն ետք պարզուած է, որ ժամը 15:30-ի սահմաններուն, Շիրակի մարզի բնակիչ, 31-ամեայ Ազատ Մ.-ն, ըստ անոր հետ եղած քաղաքացիներուն, նշուած վայրին մէջ լողալու ժամանակ ջրահեղձ եղած է: Այս պահուն որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին:
Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով, ջրահեղձ եղած քաղաքացին եռամսեայ զօրահաւաքի զօրակոչուած ծառայող է. ան իր քանի մը ընկերներու հետ նաւակով մտած են լիճ ու այդ ժամանակ ան յայտնած է, որ կ'ուզէ լողալ, նետուած է ջուրը, ու ջրահեղձ եղած:
Դէպքի փաստով Հայաստանի քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան Գեղարքունիքի կայազօրի քննչական վարչութենէն ներս վարոյթ նախաձեռնուած է:
Լուսանկարները՝ Մհեր Ղալեչեանի