image

Եպիսկոպոսական Պատարագ Լաթաքիոյ մէջ (Լուսանկարներ)

Եպիսկոպոսական Պատարագ Լաթաքիոյ մէջ (Լուսանկարներ)

Օրերս Լաթաքիա գտնուող Բերիոյ Թեմի Հայրապետական Նուիրակ՝ Գերշ. Տ. Մակար Աշքարեանի մասնակցութեամբ, նշուած է Աստուածամօր Տաճար Ընծայման եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Թեմի  դիմատետրի  էջէն, ուր մասնաւորապէս կը կարդանք՝ 

Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ մէջ աննախընթաց ցնծութեամբ նշուեցաւ Աստուածամօր Տաճար Ընծայման եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ 

Այս տարի տօնը սփոփիչ եւ գօտեպնդիչ էր լաթաքիահայութեան համար: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան: Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Պատարագիչ Սրբազան Հայրը: Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածամօր տաճար ընծայման, ապա անոր Եղիսաբէթի այցելութեան: Ան Եղիսաբէթի մօտ կ'երթայ ոչ միայն շնորհաւորելու, այլ ծառայելու, որովհետեւ յառաջացած տարիքին յղի էր եւ կարիք ունէր օգնութեան եւ որպէս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը ականատես եւ ականջալուր ըլլալու Աստուծոյ խոստումներուն եւ աստուածային ճշմարտութեան: Նաեւ անդրադարձաւ Եղիսաբէթի օրհներգութեան եւ իր որովայնին մէջ երեխային ուրախութեամբ շարժելուն, յայտնելով որ իր որովայնին մէջ երեխային շարժիլը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ուրախութեան երկրպագութիւն ի տես մարդացեալ Փրկիչին եւ անոր մօր՝ Մարիամին: «Երանի քեզի որ հաւատացիր...» ըսելով Եղիսաբէթ խոնարհութեամբ կը խոստովանէր իր եւ իր ամուսնոյն՝ Զաքարիա քահանային թերահաւատութիւնը ի տես հրեշտակի աւետումին: Մինչ կոյսը կը յատկանշուէր իր զարմանահրաշ հաւատքով, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ անձնուրացութեամբ, քանի որ ան կատարելապէս հնազանդեցաւ եւ ընդունեց աւետիսը, բան մը որ ցարդ նմանը չէր լսուած, թէ կոյսը յղանար եւ որդի ծնէր: 

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Աստուծոյ հոգիով լեցուած անձը Մարիամի օրինակին պէտք է հետեւի, որովհետեւ ինչպէս որ Մարիամ հազիւ Սուրբ Հոգին իր մէջ ստացած եւ Աստուծոյ Որդիին մարդեղացեալ սաղմնաւորումը իր որովայնին մէջ կրած՝ տունէն դուրս ելաւ եւ դէպի Յուդայի լեռները բարձրացաւ՝ իր ծառայութիւնը մատուցելու, իր մէջ կրած լոյսը, կեանքը, ուրախութիւնը, փրկութեան աւետիսը բաժնելու իր նմաններուն հետ, նոյնպէս ալ մենք որպէս քրիստոնեաներ, երբ Աստուծոյ խօսքը կ'ընդունինք մեր սրտերէն ներս, երբ Աստուծոյ հոգիով կը լեցուինք, բնաւ պէտք չէ կառչինք նիւթականին եւ աշխարհային բարիքներուն, այլ միշտ վեր նայելով՝ դէպի աստուածայինը եւ յաւիտենականը պէտք է բարձրանանք: 

«Երանի մենք ալ իրարու հանդիպման ու այցելութեան ժամանակ, ինչպէս Աստուածամօր ողջոյնը օրհնութիւն եւ բարիք, ցնծութիւն եւ ուրախութիւն բերաւ Եղիսաբէթի եւ շրջապատի կեանքին մէջ, նոյնպէս ալ մեր ներկայութեամբ եւ մեր ողջոյնով, մեր վարքով ու յարաբերութեամբ՝ Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը, զօրութիւնը, օրհնութիւնն ու բարիքները փոխանցողները ըլլանք, որպէսզի մեր սրտերն ու հոգիները ցնծան, ուրախանան եւ Ս. Հոգիի կրակով բոցավառ մղուին ինքնաճանաչումի, օրհնաբանութեան եւ աստուածպաշտութեան», աւելցուց Սրբազան Հայրը: 

Քարոզի աւարտին, Հայրապետական Նուիրակը լաթաքիահայութեան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւնները, բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ աղօթք վերառաքեց Սուրիական Հայրենիքին եւ անոր Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ ալ-Ասատին:

Պատարագէն ետք, Հայրապետական Նուիրակը թափօրով դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ շրջափակէն ներս աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց: Անգամ մը եւս փողերախումբը ազգային երգերով ոգեւորեց ժողովուրդի զաւակները, տօնական ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով:

Այնուհետեւ ի պատիւ Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, Լաթաքիոյ բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Ճաշի սեղանին նախագահեց եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց Հայրապետական Նուիրակը, իր շքախումբին ներկայութեամբ: Ճաշի ընթացքին արտասանուեցան բացման խօսք, սրտի խօսքեր, ներկայացուեցան մեներգներ, արտասանութիւններ՝ լաթաքիահայութեան զանազան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Սիրոյ սեղանի շուրջ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ համախմբուած էին լաթաքիահայութեան բոլոր ներկայացուցիչները, որոնք իրենց սրտի խօսքերուն ընդմէջէն արտայայտեցին իրենց հաւատարմութիւնն ու կապուածութիւնը հանդէպ Հայ Եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ Հայրապետական Նուիրակին:

Հաւաքական սիրոյ ճաշէն ետք, Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ Թաղական Խորհուրդի վերանորոգուած դահլիճին բացումը, որ իրականացած էր քանի մը բարերարներու նիւթական աջակցութեամբ եւ անձնական ճիգերով: Առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն Լաթաքիոյ շրջանէն ներս եւ մանաւանդ հայկական գաղութին մէջ իր մատուցած բազմակողմանի եւ հսկայածաւալ օգուտին, բարերարութեան եւ ծառայութեան, դահլիճը կոչուեցաւ անցեալի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ եւ պետական յայտնի գործիչ հանգուցեալ Տիար Պօղոս Ղազարեանի անունով: Բացման հանդիսութեան Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էր նաեւ հանգուցեալի այրին՝ Տիկ. Մարօ Ղազէլեան-Ղազարեանը: