image

Եպիսկոպոսական պատարագ Գերմանիոյ Մայնց քաղաքին մէջ

Եպիսկոպոսական պատարագ Գերմանիոյ  Մայնց քաղաքին մէջ

Օրերս  Գերմանիայի   Թեմակալ Առաջնորդ  Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեանի ձեռամբ մատուցուած է  Սուրբ  եւ  Անմահ Պատարագ Գերմանիոյ  Մայնցում քաղաքին մէջ։

 Այս մասին   «Արեւելք» տեղեկացաւ  Գերմանիայի Թեմի   դիմատետրեան էջէն։

 

 Էջը կը գրէ ՝

 

5 Յունիս 2022-ին Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպս․ Իսախանեանը այցելութիւն տուաւ Մայնցի Հայ Համայնքին եւ Հոգեգալստեան մեծ տօնին առիթով Սբ․ Պատարագ մատուցեց տեղի համայնքին մէջ։ Տօնին առիթով մատուցուող եպիսկոպոսական Սբ․ Պատարագին ներկայ գտնուելու համար եկեղեցի փութացած էին բազմաթիւ հայորդիներ Մայնցէն եւ շրջակայ այլ բնակավայրերէն։

Քարոզի ընթացքին Սերովբէ Սրբազանը նախ անդրադարձաւ Հոգագալստեան խորհուրդին եւ ապա ներկաներուն յորդորեց եկեղեցական տօներուն չնայել սոսկ որպէս անցեալին մէջ տեղի ունեցող դէպքեր ու իրադարձութիւններ։ Աստուած ժամանակներէն դուրս է ու վեր եւ այսօր ալ Իր Միածին Որդիին Յիսուս Քրիստոսի միջոցով մշտամնայ ներկայութիւն է եւ Իր Սբ․ Հոգիին միջոցով կը ներգործէ մարդու եւ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Քարոզի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը իր ուրախութիւնը արտայայտեց Մայնցի համայնք կրկին այցելութեան առիթով եւ իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը բերաւ համայնքի հոգեւոր հովիւին եւ վարչութեան անդամներուն։

Սբ․ Պատարագի աւարտին համայնքի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած էր Սիրոյ Ճաշ՝ հայկական խորովածով եւ այլեւայլ համադամ կերակուրներով։ Սիրոյ Սեղանը անցաւ ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մէջ, որու ընթացքին համայնքի Հոգեւոր հովիւ Տ․ Գնէլ Քհնյ․ Գաբրիէլեանը յանուն վարչութեան եւ ներկաներուն շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօրը՝ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 35-ամեակին առիթով եւ համայնքնի անունով անոր յանձնեց յատուկ պատրաստուած յուշանուէր մը։

Հուսկ բանքին մէջ Սերովբէ Սրբազանը կրկին իր գնահատանքը բերաւ համայնքի պատասխանատուներուն եւ ներկաներուն կոչ ըրաւ հաւատարիմ մնալու հայ լեզուին ու մշակոյթին, քրիստոնէական հաւատքին ու Հայ եկեղեցւոյ, որովհետեւմիայն այդպէս մենք, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, կը կարողանանք ապրիլ եւ ապրեցնել մեր ինքնութիւնը եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։