Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումէն յետոյ անհրաժեշտ է մեծցնել Իսրայէլի եւ ԵՄ-ի միջեւ համագործակցութիւնը ուժանիւթային եւ պարէնային անվտանգութեան ոլորտին մէջ: ԵՄ-ն որոշած է նուազեցնել հանածոյ վառելիքի գնումները Ռուսիայէն եւ զանազանեցնել ուժանիւթի աղբիւրները:
Եւրոմիութիւնը, Իսրայէլը եւ Եգիպտոսը ստորագրել են փոխըմբռնման յուշագիր՝ Իսրայէլէն Եգիպտոսի տարածքով դէպի Եւրոպա կազի արտահանման ոլորտին առնչութեամբ:
Փաստաթուղթին համաձայն` համաձայնագիրը նախատեսուած է երեք տարիով` եւս երկու տարով ինքնաձիգ երկարաձգմամբ:
Նախօրէին Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլայ Վոն տեր Լեյենը յայտարարած էր, որ Եւրոպա բնական կազի մատակարարումը աւելցնելու համար «ԵՄ-ի, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ պիտի կնքուի ուժանիւթային եռակողմ համաձայնագիր»:
Վոն տեր Լեյեն ընդգծած էր, որ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումէն յետոյ անհրաժեշտ է մեծցնել Իսրայէլի եւ ԵՄ-ի միջեւ համագործակցութիւնը ուժանիւթային եւ պարէնային անվտանգութեան ոլորտին մէջ: Ան յաւելած էր, որ ԵՄ-ն որոշած է նուազեցնել հանածոյ վառելիքի գնումները Ռուսիայէն եւ զանազանեցնել ուժանիւթի աղբիւրները:
Եւրոյանձնակատարը յայտնած էր, Յունիս 15-ին, ԵՄ-ի, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ կը ստորագրուի ուժանիւթի փոխըմբռնման յուշագիր` Եւրոպա բնական կազի մատակարարումներու աւելացման համար:
Վոն դեր Լեյեն նշած էր, որ Իսրայէլէն Եգիպտոս կազատար պիտի անցնի, իսկ Եգիպտոսի հեղուկ բնական կազը ծովով Եւրոպա պիտի տեղափոխուի: