Դեկտեմբեր 1-էն Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանին իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սերենատ Սոլիման Կամիլը: Այս մասին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Նախարարի տեղակալը շնորհաւորած է դեսպան Կամիլը նշանակման առիթով եւ մաղթած անոր արգասաբեր աշխատանք եւ յաջողութիւն կարեւոր առաքելութեան իրականացման գործին՝ համոզմունք յայտնելով, որ դեսպանը իր նպաստը պիտի բերէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել ընդլայնմանն ու ամրապնդման։
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքներու համար՝ Եգիպտոսի նորանշանակ դեսպանը նշած է, որ իր համար մեծ պատիւ է Հայաստանի մէջ ներկայացնել Եգիպտոսը՝ աւելցնելով, որ իր առաւելագոյն ջանքերը պիտի ներդնէ երկկողմ բազմաոլորտ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման գործին։
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-եգիպտական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով երկկողմ յագեցած օրակարգին եւ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն։
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը խնդիրներուն: ԱԳ նախարարի տեղակալը տիկին Կամիլին ներկայացուցած է Հայաստանի շուրջ եւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած անվտանգային դրութիւնը՝ մասնաւորապէս ներկայացնելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ 13-14 սեպտեմբերին սանձազերծուած ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։