image

Եգիպտացի երգիծանկարիչը Երեւանի մէջ. Դրական մթնոլորտ եւ կապերու ամրապնդում

  Եգիպտացի երգիծանկարիչը Երեւանի մէջ.  Դրական  մթնոլորտ եւ կապերու ամրապնդում

Եգիպտոսի եւ Հայաստանի գեղարուեստական եւ մշակութային ոլորտներու համատեղ գործակցութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի, Երեւանի գեղարուեստի քոլէճի «Թերլեմէզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգիծանկարներու ցուցահանդէս, որուն մասնակցեցան խումբ մը եգիպտացի երգիծանկարիչներ։ 

 Հանդիպումը իր տեսակին մէջ առաջինն էր, որ տեղի ունեցաւ «Լեւանա 2022» փառատօնի ծիրէն ներս։

 

Եգիպտացի երգիծանկարիչ Ահմէտ Ժուայսան գեղարուեստական սեմինար իրականացուց, որուն մասնակցեցան ուսանողներու եւ երգիծանկարչութեան սիրահարներու մեծ խումբ մը։

 

Հայ երգիծանկարիչներու փառատօնի տնօրէն Սուքիաս Թորոսեանը ըսաւ. «Լեւանա 2022 փառատօնի այս տարուայ ձեւաչափը, հայ երիտասարդներուն եգիպտական երգիծանկարչութեան ծանօթացնելն էր, եւ եգիպտացի երգիծանկարիչները մեր հրաւէրը ընդունելով, ուղարկեցին շատ գեղեցիկ պատկերներ»։

 

Ցուցահանդէսը կազմակերպած էր Հայ երգիծանկարիչներու ընկերակցութիւնը, համագործակցությամբ Եգիպտոսի երգիծանկարի «պլոկ»ին (Egypt Cartoon Blog)։

 

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ Հայ Դատի Եգիպտոսի մարմնի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։