image

«Եղած յայտարարութիւնները անհիմն են». Պաքու հակազդեց՝ Փաշինեանին

«Եղած յայտարարութիւնները անհիմն են». Պաքու հակազդեց՝ Փաշինեանին

Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւնը քննադատած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, պնդելով, որ France 24 հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին Հայաստանի ղեկավարը «անհիմն» մեղադրանքներ հնչեցուցած է Ատրպէյճանի հասցէին:

Ատոնք, ըստ Պաքուի, միտումնաւոր լարուածութիւն կը ստեղծեն տարածաշրջանին մէջ եւ նպատակ ունին հերթական անգամ խաթարել խաղաղ գործընթացը։

«Գերմանիոյ վարչապետի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն ետք Հայաստանի նման յայտարարութիւնները եւ ատոնք հնչեցնելու վայրը Ֆրանսան ընտրելը Հայաստանի կողմէ Գերմանիոյ ջանքերու նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք է:

Այն կը վկայէ խաղաղ գործընթացի վրայ Ֆրանսայի շարունակուող բացասական ազդեցութեան մասին»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։

Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութեան՝ յայտարարութիւններն այն մասին, որ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի յարձակիլ Հայաստանի վրայ եւ չի պահպաներ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները՝ առկայ փաստերու ակնյայտ խեղաթիւրում են եւ նպատակ ունի մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը։

«Այն յայտարարութիւնները, թէ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի պատերազմի, վերջին շրջանին զանգուածային ռազմականացում իրականացնող եւ 5 ամիս տարածաշրջանի իրավիճակն ապակայունացնող Հայաստանի կողմէ, բացարձակապէս անհիմն են»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։