image
Հրատապ լուրեր:

Եղած արարքները ծայրայեղականներու ձեռագիր ունին. Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպան

Եղած արարքները ծայրայեղականներու ձեռագիր ունին. Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպան

Երուսաղէմի մէջ հայերու եւ Հայոց պատրիարքարանի վրայ յարձակումները իրականացուած են քանի մը ծայրայեղականներու կողմէ, որոնք ոչ մէկ կերպ կը ներկայացնեն իսրայէլեան բազմակարծ եւ բազմազան հասարակութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եոէլ Լիոնը:

«Այս դժբախտ իրադարձութիւնները իրականացուած են քանի մը ծայրայեղականներու կողմէ, որոնք ոչ մէկ կերպ կը ներկայացնեն իսրայէլեան բազմակարծ եւ բազմազան հասարակութիւնը: Ինչպէս ցոյց տուած են կասկածեալներու անյապաղ ձերբակալութիւնները, Իսրայէլը հաւատարիմ է բոլոր կրօններու պաշտամունքի ազատութեան»,- գրած է դեսպանը: