ԵԱՀԿ կարիքներու գնահատման խումբը 23 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Սիւնիքի մարզպետարանի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպան ընթացքին ԵԱՀԿ պատուիրակութեան ներկայացուած են 13 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի հանդէպ իրականացուած վերջին յարձակման հետեւանքները։
ԵԱՀԿ ներկայացուցիչները այցելած են նաեւ սահմանամերձ բնակավայր՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու իրավիճակին: