image

Ձմեռնային զօրակոչի թուականը երկարաձգուեցաւ

Ձմեռնային զօրակոչի թուականը երկարաձգուեցաւ

ՀՀ-ի մէջ 2025-ի ձմեռնային զօրակոչի կայացման ժամկէտը յունուար 31-էն երկարաձգուած է մինչեւ 2026 թուականի փետրուար 13-ը ներառեալ։ Համապատասխան որոշումն ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստի ժամանակ։

«Որոշման ընդունումը պայմանաւորուած է 2025 թ. ձմեռային զօրակոչի շրջանակում զօրակոչի ենթակայ քաղաքացիների առողջական վիճակի հետազօտման գործընթացը աւարտին հասցնելու եւ դրանց արդիւնքներով քաղաքացիների զօրակոչի կարգավիճակը յստակեցնելու նպատակով զօրակոչի անցկացման ժամկէտը երկարաձգելու անհրաժեշտութեամբ»,–ըսուած է որոշման հիմնաւորման մէջ:

Այսպիսով, ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, 2025 թուականի ձմեռնային զօրակոչին ենթակայ քաղաքացիներուն անհարկի տարկէտումներ տրամադրելու կամ անոնց բժշկական փորձաքննութիւնը 2026 թուականի ամառնային զօրակոչ տեղափոխելու դէպքերը կը բացառուին։