Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներուն համար դժուար է հասնիլ Հայաստանին, որու ՀՆԱ-ի (Համախառն ներքին արդիւնք) աճը կազմած է աւելի քան 12 տոկոս։ Այս մասին Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին։
Փութինի խօսքով, ԵԱՏՄ երկիրները համատեղ կը ձգտին, որ միութեան շրջանակէն ներս զարգացման նոյնպիսի բարձր մակարդակ գրանցուի։ «Տէ, Հայաստանին հասնիլը մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ, մենք այսօր այդ արձանագրեցինք։ ՀՆԱ-ի աճը կազմած է աւելի քան 12 տոկոս։ Այս շատ բարձր, լուրջ ցուցանիշ է»։