Առնուազն 28 մարդ զոհուած է Դիպէթի հարաւարեւմտեան Նինկչի քաղաքի ձնահոսքի հետեւանքով, յայտնած է Xinhua-ն։
Նշուած է, որ դէպքի վայրը որոնողափրկարարական աշխատանքները 20 յունուարին դադրեցուած են։ Ընդհանուր առմամբ փրկարարական աշխատանքներուն մասնակցած է 1348 մարդ, ներառեալ՝ հրշէջներ, զինուորականներ ու կամաւորներ, եւ 236 միաւոր մեքենայ։ Անոնք միասին հարթած են 7,5 քիլոմեթր երկարութեամբ անցումը՝ ձիւնին տակէն տուժածները փրկելու համար։ Անոնք յաջողած են փրկել 53 մարդ, որոնցմէ հինգը ծանր վնասուածքներ ստացած են ։
Ձնահոսքը իջած է 17 յունուարի երեկոյեան եւ ծածկած Դիպէթի ինքնավար շրջանի ճանապարհային փապուղիի մուտքերը, որու հետեւանքով մարդիկ արգելափակուած են ինքնաշարժներուն ներսը։ Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան տուեալներով՝ ձնահոսքին պատճառ դարձած են տարածաշրջանի ուժեղ քամին եւ ջերմաստիճանի բարձրացումը: