Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու աւելի քան 40 ներկայացուցիչներ Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի ուղեկցութեամբ այսօր այցելած են աղէտի գօտի։
Տեղեկութիւնը յայտնած է Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը։
Դեսպանները դիմաւորած են Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը եւ ՆԳՆ Փրկարար ծառայութեան տնօրէն-ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Կամօ Ցուցուլեանը:
«Ներկայացուել են աղէտից վնասուած թաղամասերը, վնասների չափը եւ այս պահին տարուող աշխատանքները»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք` մայիս 26–ի տեղատարափ անձրեւներէն ետք Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ Դեբեդ, Աղստեւ եւ Տաշիր գետերու վարարման հետեւանքով 4 մարդ մահացած է։
Որոշում կայացուած է Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու տուժած բնակավայրերը յայտարարել աղէտի գօտի եւ մարզպետարաններուն 300 միլիոն դրամ յատկացնել հեղեղումներու հետեւանքները վերացնելու համար։