Եգիպտիսի մէջ ՀՀ դեսպանատան Դիմատետրի էջէն «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, որ 11 օգոստոսին, Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Փօլատեան հանդիպում ունեցած է Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ, Ալեքսանտրիոյ Պապ եւ Սբ. Մարկոսի աթոռի Պատրիարք, Նորին Սրբութիւն Թաւատրոս Երկրորդի հետ։
Կարեւորելով հոգեւոր արժէքներու եւ աւանդական յարաբերութիւններու վրայ հիմնուած հայ եւ ղպտի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը՝ զրուցակիցները պայամանաւորուածութիւն ձեռք բերած են իրականացնել շարք մը գործնական քայլեր՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրական կապերու եւ կրօնահամայնքային համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ՝ նպաստելով երկու քոյր՝ Ղպտի ուղղափառ եւ Հայ առաքելական եկեղեցիներու կայուն ու շարունակական փոխգործակցութեան։
Դեսպան Փօլատեան տեղեկացուցած է Եգիպտոսի քաղաքացիներու համար ՀՀ մուտքի արտօնագրերու դիւրացուած նոր կարգի մասին, որու հետեւանքով Եգիտպտոսի արաբական հանրապետութեան քաղաքացիներու համար վերացած է հրաւէրի պահանջը՝ յոյս յայտնելով, որ այս հանգամանքը եգիպտացիներուն կը խրախուսէ Հայաստան այցելութիւններ կատարել նաեւ կրօնական զբօսաշրջութեան նպատակով։