image

Դէպի Կազա օժանադակութիւններ կը հասնին 


Դէպի Կազա օժանադակութիւններ կը հասնին   


Մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող 40 բեռնատար Կազա  ուղարկուած է Սինա թերակղզիի հիւսիսը գտնուող Ռաֆահ անցակէտով:

Լրատուամիջոցներու տուեալով՝ Կազայի հետ սահմանը հատած է նաեւ տիզելային վառելիքով բեռնուած վեց պենզատար։ Երէկ առտու Եգիպտոսի տարածք տարհանուած է երկքաղաքացիութիւն ունեցող 250 մարդ, որոնք մինչեւ հիմա կը գտնուէին Կազա:

Աւելի վաղ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդն ընդունած էր արաբական երկիրներու  պատրաստած բանաձեւի նախագիծը, որ ուղղուած է Կազա մարդասիրական օգնութեան մուտքի դիւրացման: