ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ՀՀ Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովի փակ նիստի համաձայնութիւն չէ տուած: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Դաւիթ Տօնոյեանի պաշտպանական խումբը։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ դատարանը թոյլ տուած է Տօնոյեանին մասնակցիլ յանձնաժողովի նիստին։ Ան խորհրդարան պիտի երթայ քրէակատարողական հիմնարկի աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ։ Նիստերը պիտի կայանան օգոստոս 1-ին եւ 2-ին։ Յուլիս 27-ին ՀՀ ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, քննիչ յանձնաժողովի անդամ Արմէն Խաչատրեանը լրատուամիջոցներէն մէկուն ըսած էր, որ նիստը փակ պիտի ըլլայ, որուն Դաւիթ Տօնոյեանը տուած է իր համաձայնութիւնը: Սա այն պարագային, ըստ Տօնոյեանի պաշտպանական կողմի, երբ քննիչ յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը յստակ եւ հրապարակային համաձայնութիւն տուած էր Տօնոյեանի` բաց նիստ կայացնելու առաջարկին։
«Դաւիթ Տօնոյեանը փակ նիստի համաձայնութիւն չի տուել, ուստի պատգամաւորի կողմից ներկայացուած տեղեկութիւնը ակնյայտ կեղծիք է։ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարի կողմից ՀՀ Ազգային Ժողովի «2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին սանձազերծուած 44-օրեյ ռազմական գործողութիւնների հանգամանքների ուսումնասիրման նպատակով» ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու պայմանը եղել է բաց եւ հրապարակային եղանակով բացատրութիւններ տալու հնարաւորութիւն ունենալը»,–ըսուած է պաշտպանական խումբի յայտարարութեան մէջ:
Նշուած է նաեւ, որ Դաւիթ Տօնոյեանը եւս մէկ անգամ կը պնդէ հրապարակային նիստի կայացման իր պահանջը, կը կարեւորէ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը եւ չի բացառեր բացի հրապարակային եւ լուսաբանուող ձեւաչափէն, նաեւ փակ քննարկման հնարաւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։