Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ հակառակորդի ձեռնարկած սադրանքներուն հետեւանքով երէկ զոհուած 44-ամեայ Դաւիթ Միրզոյեանը Արցախի Մարտունիի շրջանի Խնուշինակ գիւղէն էր:
Պայմանագրային զինուոր Դաւիթ Միրզոյեանը 44-օրեայ պատերազմի մասնակից էր: Ան ամուսնացած է, ունի երկու տղայ եւ մէկ աղջիկ:
Յիշեցնենք, որ երէկ` Մարտ 25-ին, Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ հակառակորդի ձեռնարկած սադրանքներուն, մասնաւորապէս` «Bayraktar TB-2» տեսակի հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու կիրառման հետեւանքով մահացու վիրաւորում ստացած են Պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորներ Դաւիթ Ռոպերթի Միրզոյեանը (ծն. 1978), Իշխան Սերժիկի Օհանեանը (ծն. 1994) եւ Արարատ Վագիֆի Թեւոսեանը (ծն. 1990):