image

Դաւիթ Առուշանեան Շիրակի մարզպետ նշանակուեցաւ 

Դաւիթ Առուշանեան Շիրակի մարզպետ նշանակուեցաւ 

Դաւիթ Առուշանեանը նշանակուած է Շիրակի մարզպետ: Կառավարութիւնն իր այսօրուան՝ դեկտեմբեր 19-ի նիստին պաշտօնէն ազատեց Շիրակի մարզպետ Մուշեղ Մուրադեանը, իսկ մէկ այլ որոշմամբ ալ մարզպետ նշանակուեցաւ ՔՊ նախկին պատգամաւոր Դաւիթ Առուշանեանը:

«Շնորհակալութիւն եմ յայտնում վստահութեան համար: Ինձ համար մեծ պատասխանատւութիւն ու պատիւ է Շիրակի մարզի կառավարումը ստանձնելը: Վստահ եմ՝ մեր բոլորի ջանքերով եւ մեր Շիրակի մարզի թիմի ջանքերով յաջողելու ենք»,-ըսած է Առուշանեանը:

Յիշեցնենք, որ Մուշեղ Մուրադեանը մէկ շաբաթ առաջ պաշտօնէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած էր, իսկ մինչ այդ ալ ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Առուշանեանը վար դրած էր պատգամաւորական մանթատը: