image

Դատաւորներու արտահերթ ընդհանուր ժողով

Դատաւորներու արտահերթ ընդհանուր ժողով

25 Փետրուարին՝ ժամը 14:00-ին, հրաւիրուած է դատաւորներու արտահերթ ընդհանուր ժողով։ Այս մասին տեղեկացուցած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդը տարածած հաղորդագրութեամբ։

«Հայաստանի Հանրապետութեան Վճռաբեկ դատարանի նախագահի 2022 թուականի Փետրուարի 18-ի թիւ 04-Ա հրամանի համաձայն՝ 2022 թուականի Փետրուարի 25-ին՝ ժամը 14:00-ին, հրաւիրուել է Հայաստանի Հանրապետութեան դատաւորների արտահերթ ընդհանուր ժողով՝ Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աջափնեակ-1 նստավայրի վարչական շէնքում»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։