image

Դատախազութիւնը կը պահանջէ Մայր Աթոռին նուիրուած տարածքները վերադարձնել ՊՆ-ին. Hetq.am

Դատախազութիւնը կը պահանջէ Մայր Աթոռին նուիրուած  տարածքները վերադարձնել ՊՆ-ին. Hetq.am

Գլխաւոր դատախազութիւնը կ՚ուզէ անվաւեր ճանչնալ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միջեւ կնքուած նուիրատւութեան պայմանագիրը: Նախարարութիւնը Եկեղեցիին  շէնք-շինութիւններ եւ հողատարածք նուիրած էր: Այս մասին գրած է «Հետք»ը։

Դատախազութիւնը գործարքն անվաւեր ճանչնալու եւ անվաւերութեան հետեւանքներ կիրառելու պահանջներու մասին Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Եկեղեցւոյ դէմ ներկայացուած հայցադիմումը Հակակոռուպցիոն դատարան ներկայացուցած է 2025թ. յուլիս 30-ին եւ դեռ վարույթ ընդունուած չէ: 

Գլխաւոր դատախազութենէն «Հետք»ին պարզաբանած են, որ պետական շահերու պաշտպանութեան լիազօրութիւններու շրջածիրէն ներս ուսումնասիրուած է Կառավարութեան 2018թ. մարտ 29-ի «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» գոյք նուիրելու մասին որոշումը:

Նշուած որոշման հիման վրայ` 2019թ. օգոստոս 30-ին Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ կնքուած է անշարժ գոյքի նուիրատւութեան պայմանագիր: Նախարարութեան տրամադրուած, պետական սեփականութիւն հանդիսացող ընդհանուր 9427.3 քմ մակերեսով շէնք-շինութիւնները եւ 8,9 հա մակերեսով յատուկ նշանակութեան հողամասն անհատոյց օտարուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ: