Թրքական «Հիւրիյէթ» թերթը յայտնած է, որ Անգարայի իշխանութիւնները ներկայիս քննարկումներ կը կատարեն սուրիական կառավարութեան հետ երկխօսութիւն սկսելու համար, որ նպատակ ունի վերականգնել երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բնական հունի:
Թերթը մէջբերած է իրազեկ աղբիւրներէ, որոնք կը նշեն, որ «վերջերս Թուրքիոյ որդեգրած հաւասարակշռութեան քաղաքականութիւնը եւ վերջին ամիսներուն Անգարայի դերը, յատկապէս ուքրանական պատերազմի կարգաւորման հարցով, ներկայ ժամանակները յարմար կը դարձնեն նաեւ սուրիական խնդիրի լուծման համար»:
Աղբիւրները նշած են, որ Թուրքիան «սուրիական վարչակազմի հետ իր բոլոր շփումներուն մէջ կ'ընդգծէ 3 անփոխարինելի բան. «պահպանել սուրիական տարածքներու միասնութիւնը, ապահովել իրենց երկիր վերադարձող փախստականներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան գործունէութիւնը»:
Ըստ թերթին` «Անգարան այդ կարեւոր ուղերձները փոխանցած է Դամասկոսին` յատկապէս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` ԱՄԷ այցէն առաջ»: