image

Դամասկոսի մէջ. Ահմատ Ալ Շարաա ընդունած է Օմանցի բանագնացը

Դամասկոսի մէջ. Ահմատ Ալ Շարաա ընդունած է Օմանցի բանագնացը

Սուրիոյ առաջնորդ Ահմատ Ալ Շարաա Դամասկոսի մէջ ընդունած է Օմանի սուլթանի բանագնաց շէյխ Ապտուլազիզ պըն Ապտուլլա պըն Զահեր Ալ Հինային:

Օրակարգին վրայ եղած են Արաբական Հանրապետութեան մէջ վերջին զարգացումները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նշենք, որ Ահմատ Ալ Շարաա հանդիպած  էր Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանիի հետ: Կ'ակնկալուի, որ առաջիկային, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը մեկնի Եւրոպա՝ քննարկելու տնտեսական հնարաւոր գործակցութիւնը եւ Պաշար Ասատի օրօք Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները վերանայելու հարցը: