ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի Մասնակիցներու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը («COP29») յաջորդ տարի պիտի կայացուի Ատրպէյճանի մէջ, յայտնած են տեղական լրատուամիջոցները։
Որոշումը հրապարակուած է Տուպայի մէջ COP28-ի շրջածիրէն ներս կայացած լիագումար նիստին։
Որպէս բարի կամքի քայլ Հայաստանը օրերս իր աջակցութիւնը յայտնած էր «COP29»-ը հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի ներկայացուցած յայտին եւ հանած իր թեկնածութիւնը, իսկ Ատրպէյճանն իր աջակցութիւնը յայտնած էր Արեւելեան Եւրոպայի խումբի «COP»-ի բիւրոյին անդամակցելու համար առաջադրուած Հայաստանի թեկնածութեան: