image

Չպէտք է արտօնել ՆԱԹՕ-ի ներթափանցումը. Վ. Փութին

Չպէտք է արտօնել ՆԱԹՕ-ի  ներթափանցումը. Վ. Փութին

ՆԱԹՕ-ի ենթակառուցուածքները դէպի Ռուսիոյ սահմաններ տեղափոխելն անընդունելի է, եւ այդ անընդունելութիւնը որոշիչ գործօն է հիւսիսաթլանթեան դաշինքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ ՌԻԱ «Նովոստի»-ն, ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, 31 յուլիսին ստորագրուած Ծովային վարդապետութեան (doctrine) փաստաթութին մէջ։

«ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան համար որոշիչ գործօնը կը մնայ ՆԱԹՕ-ի ռազմական ենթակառուցուածքը դէպի Ռուսիոյ սահմաններ տեղափոխելու ծրագրերու անընդունելիութիւնը եւ դաշինքին միջազգային գործառոյթներ տալու փորձերը»,- ըսուած է փաստաթղութին մէջ։

Վարդապետութեան մէջ նշուած է, որ ՆԱԹՕ-ի գործունէութիւնը «ուղղուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ անոր դաշնակիցներու հետ ուղիղ առճակատման»։ Միաժամանակ, Ռուսիոյ ազգային ծովային քաղաքականութիւնը աթլանթեան ուղղութեամբ կ'որոշուի՝ նկատի ունենալով հիւսիսաթլանթեան պլոքի գոյութիւնը։

Մինչ այդ Փութինը ժամանած էր Քրոնշթատթ շքերթի՝ ի պատիւ Ռուսիոյ նաւատորմի օրուան, որ կը համընկնի Պետրոս I-ի ծննդեան 350-ամեակի հետ: Միջոցառման ընթացքին ան ստորագրած է հրամանագրեր՝ հաստատելու ռազմածովային վարդապետութիւնը եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նաւատորմի կանոնադրութիւնը: