image
Հրատապ լուրեր:

«Չխառնուիլ Թուրքիոյ հետ F-16-ներու գործարքին» Պետքարտուղարութիւնը կը փորձէ համոզել սենատոր Մենենտեզը

 «Չխառնուիլ Թուրքիոյ հետ  F-16-ներու գործարքին» Պետքարտուղարութիւնը կը փորձէ  համոզել սենատոր Մենենտեզը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ Ծերակոյտի արտաքին յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեզի հետ եւ կը փորձէ համոզել անոր չմիջամտել Թուրքիոյ ամերիկեան F-16 կործանիչներու մատակարարման: Անգարային F-16-ը կ'առաջարկուի Շուէտի՝ ՆԱԹՕ ընդունուելու դիմաց, գրած է Punchbowl News-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են ինքնաթիռները վաճառելու 20 միլիառ տոլարով։

«Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաները կ'ուզեն վստահ ըլլալ, որ Մենենտեզ՝ զէնքի վաճառքի հարցով իր լիազօրութիւններով, չի խանգարեր անհրաժեշտութեան պարագային Թուրքիոյ հետ գործարքի կնքումը»,- ըսուած է յօդուածին մէջ: 

Մենենզեզ հրապարակային դէմ հանդէս կու գայ Թուրքիոյ կործանիչներու վաճառքին: Ըստ ծերակուտականին՝ Անգարան չի դրսեւորեր ՆԱԹՕ-ի վստահելի դաշնակցի պահուածք՝ լարուածութիւն պահպանելով Յունաստանի հետ, ներխուժելով անոր ջրային տարածք, ինչպէս նաեւ ապակառուցողական դիրք որդեգրելով Կիպրոսի հարցով, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելով: Ծերակուտականը Թուրքիան բազմիցս քննադատած է նաեւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմին ունեցած դերակատարման համար: