Եւրոմիութեան արտաքին գործերու գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլ կը պնդէ, որ Չինաստանը ԵՄ-ին խոստացած է Ռուսաստանին ռազմական օգնութիւն չտրամադրել:
«Չինաստանը հաւաստիացուցած է, որ մտադիր չէ ռազմական օգնութիւն տրամադրելու Ռուսաստանին եւ օգնելու շրջանցել պատժամիջոցները», ըսած է Պորէլ:
Ան ընդգծած է նաեւ, որ Փեքինը կրնայ օգնել Ռուսաստանին առանց ԵՄ-ի իմացութեան:
Պորէլ բացառել է այս փուլին Ռուսաստանի Դաշնութեան աջակցելու համար Չինաստանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման հաւանականութիւնը: