image

Չին առաջնորդը մերժած է Փութինի հրաւէրը. Աղբիւրներ

Չին առաջնորդը մերժած է  Փութինի հրաւէրը. Աղբիւրներ

Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինը հրաժարուած է այցելելէ Ռուսիա` ի պատասխան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին: 

Ռուսիոյ ղեկավարը Սին հրաւիրած է Յունիս 15-ին կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ: Սակայն Չինաստանի նախագահը մերժած է Փութինի առաջարկը` ըսելով, որ մօտ ապագային դժուար պիտի ըլլայ այցելել Ռուսիա` կապուած «Քովիտ»ի համավարակին հետ:

Ռուսիոյ նախագահը Չինաստանի ղեկավարին դիւանագիտական կիրառման համապատասխան այցի առաջարկ ուղարկած է` ի պատասխան Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու հրաւէրին: